Նորընծայարանի մէջ պատրաստական
ուսումները լուրջ պիտի ըլլան: Որովհետեւ աւելի քան երբէք քահանան պարտի ըլլալ ուսեալ
եւ բացուած իր ժամնակի հարցերուն: Եթէ կ’ուզէ արժէքաւոր գործիք ըլլալ Աստուծոյ ձեռքերուն
մէջ, մարդկային ոչ մէկ բան իրմէ օտար պէտք չէ մնայ: Նորընծայարանի շրջանին թեկնածուն
կանչուած է աշխատանքի եւ աղօթքի: Կը կարծէ՛ք որ լապտեր մը կը վառի, եթէ անոր թելերուն
ծայրերը հոսանքին չկապէք: Աստուած ուրիշներուն տալու համար, անհրաժեշտ է միացած ըլլալ
Աստուծոյ եւ Անկէ իր շնորհքները հայցել: Քահանային ամենէն հարկադրողական պարտականութիւններէն
մէկը պիտի ըլլայ՝ աղօթել ինքնիրեն եւ իր յանձն առած հոգիներուն համար: